2015-11-18 11:07:00

Ալ Ազհար համալսարանի տեղապահը` Արեւմուտքը պէտք ունի հաւասարակշիռ ու չափաւոր իմամներու։


(Ռատիօ Վատիկան) ''Հարկաւոր է գաղափարաբանական պայքար մղել իսլամական պետութեան դէմ Արեւմուտք ուղարկելով հաւասարակշիռ ու չափաւոր իմամներ եւ Քուրանի մեկնաբանութեան պատշաճ դպրոցներ ունենալով, ըսաւ կրօնապետ Շէյխ Abbas Shoman, Ալ Ազհար համալսարանի տեղապահը, ֆրանսական Afp գործակալութեան հետ ունեցած ելոյթով։

Ան ընդգծեց որ պէտք է նուաճել իսլամական ծայրայեղութիւնը, ոչ միայն անվտանգութեան մակարդակի վրայ այլ եւ մտաւորական գետնի վրայ։








All the contents on this site are copyrighted ©.